2016-05-19 09:36:00

Իրաք` Պատրիարք Սաքօ. ''Դադրեցնել մահմետական բռնութիւնները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու պատրիարք Սաքօ կոչ ուղղած է դադրեցնելու մահմետական բռնութիւնները։Պատրիարքը խստիւ դատապարտած է բռնութիւններն ու ոճիրները, որոնք այս օրերուն դարձած են սովորական մէկ երեւոյթ։ Քաղդէացիներու Պատրիարքին գնահատումով Իրաքը պէտք է պահպանէ բազմամշակութային իրավիճակը եւ այս առընչութեամբ Ան կոչ ուղղած է կառավարութեան, քաղաքական իշխանութիւններուն  ու բարի կամք ունեցող մարդոց գործելու ի սպաս անմեղ քաղաքացիին անվտանգութեան։  Ան Նոյնպէս հարկաւորկը նկատէ որ պետութիւնը սատարէ ազգային բարգաւաճումին հրաւիրելով որ բնակչութեան մօտ նաեւ զարգացուի հանդուրժողութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան մշակոյթը։ Իր այս կոչին մէջ Սաքօ Պատրիարքը կոչ կ´ուղղէ նաեւ իսլամ կրօնապետերուն անոնցմէ խնդրելով որ իրենց ձայնը լսելի ընեն ու արգելք կենան կրօնի չարաշահումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.